Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ ներկայացուց «ՀՀՀ հեռուստադպրոց» նախագիծը, որ հեռարձակուեցաւ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան արբանեակային կապով:
Նախագիծի նպատակն էր՝անգլիախօս երեխաները եւ պատանիները, այբուբենէն մինչեւ վերին միջին մակարդակ, հայերէն սորվելու հնարաւորութիւնը ունենան:
Ծրագիրի հիմքը ՀՀՀ-ի լեզուի առցանց դասընթացքներն են՝ համապատասխանեցուած հեռուստատեսային ձեւաչափին եւ հեռուստալսարանի կարիքներուն: Ուսանողներու ուսումնառութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու միտումով, հեռուստածրագիրը ցուցադրուած է ՀՀՀ-ի առցանց դասերուն զուգահեռ: